2014-11-21 12:56:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային 7-րդ խորհրդաժողովին մասնակիցներուն հետ։.


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ` 21 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարդինալ Կէրարտ Լուվտիկ Միւլլէրը, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ, գերապայծառ Էնրիքօ Տալ Քովոլօ` Լատերանեան Քահանայապետական Համալսարանի Րէկտոր եւ գերապայծառ Անթոնի Սապլան Ապուրոն` Ականիայի Եպիսկոպոս։
Ժամը 12-ին, Քլեմենթինա սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային 7-րդ խորհրդաժողովին երեք հարիւր մասնակիցներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսաւ.
Հինգ տարի առաջ, Ձեր նախկին համագումարի վաւերագիրը կը հաստատէր թէ՝ ''գաղթականութիւնը հրաւէր մըն է պատկերացնելու տարբեր ապագայ մը, որուն նպատակն է բոլոր մարդկային ցեղի բարգաւաճումը. կը ներփակէ իւրաքանչիւր մարդկային էակ՝ իր ամբողջ հոգեւոր եւ մշակութային կարողականութեամբ, եւ արդարագոյն աշխարհի մը տուած ներդրումով՝ բնութագրուած տիեզերական զօրակցութեամբ եւ լիուլի յարգանքով՝ հանդէպ մարդկային արժանապատուութեան եւ կեանքին։'' Այսօր, հակառակ ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններու՝ գաղթականութիւնը տակաւին յոյսի տենչանքով կ'ապրի։ Յոյսի տենչանք՝ յատկապէս երկրագունդի այն շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ յուսալքուած վիճակի մէջ կը գտնուին, ուր աշխատանքի պակասը անհատներու եւ անոնց ընտանիքներուն արգելք կը հանդիսանայ արժանավայել գոյութեան մը իրականացման, եւ զիրենք ուժգնօրէն կը մղէ՝ այլուր փնտռելու լաւագոյն ապագայ մը, ի գին յուսախաբութիւններու եւ անյաջողութիւններու։
Դուք Ձեր համագումարի ընթացքին վերլուծեցիք այն ազդակները, որոնք գաղթականութեան պատճառ կը դառնան. ասոնք են՝ յատկապէս անհաւասարութիւն, աղքատութիւն, ժողովրդագրական աճում, մասնագիտացումի աճող կարիքը աշխատանքի շուկայի որոշ մարզերուն մէջ, պատերազմներ եւ հալածանքներ, եւ նոր սերունդներու դուրս գալու մարմաջը՝ փնտռելու համար նոր կարելիութիւններ։
Ապա վկայ կ'ըլլանք գաղթականներու ծննդավայր երկիրներուն մէջ լաւագոյն ''մտքերու'' կորուստի պատճառով յառաջացած աղքատացումին, երեխաներու եւ պատանիներու դիւրաբեկութեան, որոնք կ'աճին մէկ կամ միւս ծնողի եւ կամ ընդհանրապէս ծնողքի բացակայութեամբ, եւ ամուսնութիւններու քայքայումին՝ երկարատեւ բացակայութիւններու պատճառով։ Իսկ այն երկիրներուն մէջ, որոնք կ'ընկալեն գաղթականներ, կը տեսնենք դժուարութիւններ գաղթականի ներգրաւումին՝ արդէն իսկ դժուարութիւններ ունեցող քաղաքային կեանքին։
Ասոր համար, հովուական աշխատանքով զբաղողները արժէքաւոր դեր մը ունին՝ հրաւիրելով երկխօսութեան, հիւրընկալման եւ օրինականութեան։ Իսկ ծննդավայր երկիրներու մէջ պէտք է ընձեռենք մօտիկութիւն ընտանիքներու եւ երիտասարդներու, որոնց ծնողքը գաղթական է, արգիլելու համար ծնողքի բացակայութեան բացասական հետեւանքները։
Քրիստոնէական հասարակութիւնը տեւապէս պարտականութիւնն ունի ընկալելու գաղթականներ եւ բաժնեկցելու անոնց հետ Աստուծոյ պարգեւները, եւ յատկապէս հաւատքի պարգեւը։ Անոնք պէտք է ընկերանան գաղթականներուն իրենց ուղեւորութեան ընթացքին, սկսեալ իրենց ծննդավայրէն մինչեւ անցման երկիրները, մինչեւ զիրենք ընկալող երկիրները, յատկապէս քրիստոնէականի ուսուցմամբ եւ խորհուրդներու մատակարարումով։
Գաղթականներ կ'ապրին պարագաներ յուսախաբութեան, յուսալքումի եւ առանձնութեան։ Եկեղեցին պէտք է յոյսի աղբիւր ըլլայ, պէտք է կազմակերպէ կազմաւորման եւ գիտակցութեան ստեղծման ծրագիրներ. պէտք է բարձրացնէ իր ձայնը, ընձեռելով նաեւ նիւթական օժանդակութիւն՝ առանց բացառումներու, վարուելով ամէն ոքի հետ իբր Աստուծոյ զաւակ։
Եկեղեցին բացի ըլլալէ հաւատացեալներու հասարակութիւն մը, որ կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ Յիսուս Քրիստոսի անձը իւրաքանչիւր մարդու մէջ, մայր է՝ առանց սահմաններու եւ եզրերու։ Եկեղեցին մայր է բոլորին համար եւ ճիգ կը թափէ սնուցանելու հիւրընկալման եւ զօրակցութեան մշակոյթ մը, ուր ոչ ոք անպէտ է, անտեղի եւ մերժուած։
Կ'ուզեմ Ձեզի յիշեցնել Ծննդոց գրքէն՝ թէ ''Աստուած իր պատկերին համաձայն եւ իր նմանութեամբ ստեղծեց մարդը'' (Ծննդ. Ա, 26-27)։ Մարդը Աստուծոյ պատկերին նման ստեղծուած է՝ առաւել եւս՝ Աստուծոյ զաւակ է։ Հետեւաբար, գաղթականները, ըլլալով մարդ արարած, նախ քան իրենց մշակութային արժէքներուն, կը ներկայացնեն մարդկային եղբայրութեան իմաստը։ Իրենց ներկայութիւնը կոչ մըն է մեզի արմատախիլ ընելու անհաւասարութիւններ, անարդարութիւններ եւ կեղեքումներ։
Ձեր վրայ կը հրաւիրեմ Աստուածածնի եւ Սուրբ Յովսէփի հովանին, որոնք ունեցան տարագրութեան փորձառութիւնը Եգիպտոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.